Քորոնա Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հայաստանի Մէջ Շրջանցեց 10 Հազարը, Արցախի Մէջ Հասաւ 46ի

By Asbarez | Wednesday, 03 June 2020

Members of the medical team spray disinfectant to sanitize outdoor place of Imam Reza's holy shrine, following the coronavirus outbreak, in Mashhad, Iran February 27, 2020. Picture taken February 27, 2020. WANA (West Asia News Agency) via REUTERS ATTENTION EDITORS - THIS PICTURE WAS PROVIDED BY A THIRD PARTY

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մէկ օրուան ընթացքին, 2 Յունիսի առաւօտեան դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով  մահացած են 19 անձեր եւ արձանագրուած են 517 նոր պարագաներ: Ապաքինած են 25 անձեր, իսկ բացասական քննութիւններու թիւը հասաւ 732ի:

Հաստատուած պարագաներու ընդհանուր թիւը 10,009 է, ապաքինածներունը՝ 3427: Ապաքինման ընթացքին մէջ եղող վարակուածներուն թիւը 6368 է, իսկ կատարուած քննութիւններու ընդհանուր թիւը՝ 59,917: Մինչեւ 2 Յունիս 2020, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով մահացածներուն թիւը 158 է:
Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Արտաւազդ Վանեան զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ Մայիս ամսուան ընթացքին Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը՝ Մարտ ամսուան ընթացքին արձանագրուած թիւին հետ բաղդատած՝ աւելցած է 13 անգամով:

Միւս կողմէ, Արցախի մէջ հաստատուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր 46 պարագաներ, որոնցմէ 26ը բուժուած են:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն:
Արցախի մէջ ընդհանուր քննութեան ենթարկուած են 926 անձեր, կան 100 մեկուսացուած անձեր, եւ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու 3 նոր պարագաներ:

comments