By Asbarez | Tuesday, 09 June 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի իրավիճակը, զայն կանխարգիլելու եւ յաղթահարելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, ինչպէս նաեւ կարելիութիւնները, այդ պարունակին մէջ առողջապահական համակարգի հարցերը քննարկելու նպատակով նախագահ Արմէն Սարգսեան 9 Յունիսին նախաձեռնեց աշխատանքային քննարկումի, որուն մասնակցեցան առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, «Արաբկիր» բժշկական կեդրոնի գիտական ղեկավար, առողջապահութեան նախկին նախարար Արա Բաբլոյեան, Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ղեկավար, առողջապահութեան նախկին նախարար Արմէն Մուրատեան, «Նորք ինֆեկցիոն կենտրոն»ի տնօրէն Մհեր Դաւիթեանց, առողջապահութեան նախարարութեան «Հիւանդութիւնների վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կենտրոն»ի տնօրէն Արտաւազդ Վանեան, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի կրծքային վիրաբուժութեան բաժանմունքի վարիչ Յովհաննէս Սարկաւագեան, «Աստղիկ» ԲԿի տնօրէն Ասատուր Ասատրեանն ու նոյն կեդրոնի սրտային վիրաբուժութեան բաժանմունքի ղեկավար Միհիր Սուսանի:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ հանդիպման նպատակ է՝ առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատու ներկայացուցիչներուն, յայտնի մասնագէտներուն հետ քննարկել երեք հիմնական հարցեր` համաճարակին ներկայ իրավիճակը եւ յետագայ կատարելիքները, առողջապահական համակարգի կառավարման վերաբերող հարցերը, եւ թէ Հանրապետութեան նախագահը եւ նախագահական կառոյցը ինչո՛վ կրնան աջակցիլ այդ հարցերուն լուծման եւ համաճարակը յաղթահարելու գործին:
Անդրադառնալով համաճարակային վիճակին` նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս նշեց, որ տիրող կացութիւնը բարդ է, իսկ իւրաքանչիւր փորձառու մասնագէտի կարծիքը կարեւոր է՝ ճիշդ որոշումներ տալու եւ լուծումներ գտնելու առումով։ Ըստ անոր՝ երկիրը այս պահուն կը գտնուի ծանր իրավիճակի մէջ, եւ նախագահը իր սահմանադրական իրաւունքներէն ալ պէտք է դուրս գայ ու գործէ նաեւ իբրեւ մէկը, որ կրնայ աջակցիլ եւ օգնել` մանաւանդ իր միջազգային կապերով եւ հնարաւորութիւններով, բայց եւ այնպէս ինք պէտք է նախ գիտնայ, ճշդէ, թէ երկիրը ինչի՞ կարիքը ունի, որպէսզի անոր համաձայն դիմէ։
Ան շատ կարեւոր նկատեց ռազմավարութիւնը, որմէ պիտի բխի յստակ ծրագիր, իսկ ծրագիրէն՝ աշխատանքային ծրագիրներ առանձին միաւորներու համար, էական համարուեցաւ նաեւ կառավարումը. «Կառավարումը պէտք է լինի ճիշդ, ժամանակին` ռազմավարական ծրագրին համապատասխան եւ բարձր կարգապահութեամբ` ներգրաւելով բոլոր հնարաւոր ռեսուրսները (միջոցները-Խմբ.)»:
Հանրապետութեան նախագահը նպատակայարմար համարեց, որ 21 Յունիսին` «Բուժաշխատողի օրուան» առթիւ բժիշկները եւ բժշկական ոլորտին մէջ աշխատողները արժանանան պետական բարձր պարգեւներու: Նախագահ Սարգսեան առողջապահութեան նախարարին առաջարկեց այդ հարցը բարձրացնել կառավարութեան նիստին։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ