By Asbarez | Thursday, 11 June 2020
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան՝ պատասխանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Դաշնակցութեան հասցէին եղած արտայայտութիւններուն, ըսաւ. «Ցաւօք, ստիպուած ենք արձանագրել, որ հերթական անգամ, ի պատասխան քաղաքական խօսքի եւ հարցադրումների, Նիկոլ Փաշինեանի կողմից հնչեցւում են փողոցային բառապաշարով գնահատականներ եւ արտայայտութիւններ:
«Այո՛, Դաշնակցութեան մօտեցումների եւ սկզբունքների մէջ բան չի փոխուել:
«Մենք շարունակելու ենք պայքարել թէ՛ քաղաքական, թէ՛ իրական կորոնավիրուս տարածողների դէմ:
«Ինչ վերաբերում է քաղաքական աղբանոցում յայտնուելուն, ապա ակնյայտ է, որ այս հարցում խորապէս մտահոգուելու պատճառ ունի հէնց օրուայ իշխանութիւնը»։
Միւս կողմէ, ընդդիմադիր դաշտին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ ընդդիմութեան հաւանական համախմբման մասին «Երկիր»ի հետ ունեցած կարճ զրոյցին ընթացքին Իշխան Սաղաթելեան յայտնեց, որ երկրին մէջ կացութիւնը իսկապէս տագնապալի է։ « Իշխանութիւնը ձախողել է բոլոր ուղղութիւններով: Այն շարունակում է չընկալել ստեղծուած ճգնաժամն իր ողջ խորութեամբ եւ սրութեամբ: Անընդունելի եւ դատապարտելի է նաեւ հնչող քաղաքական հարցադրումների վերաբերեալ իշխանութեան ցուցաբերած վարքագիծը: Քաղաքական հակադարձումներն արժանանում են հիւանդագին արձագանգի, որոնք արտայայտւում են քրէական գործեր յարուցելու շանտաժով (սպառնալիքվ) եւ ռեպրեսիւ (ճնշիչ) մեթոդներով քաղաքական ընդդիմութեանը լռեցնելու փորձերով», ըսաւ ան:
Ըստ անոր՝ այս իրավիճակին մէջ համախմբումը այլընտրանք չունի: «Սակայն իրական համախմբումը կարող է տեղի ունենալ միայն յստակ օրակարգի շուրջ: Մեր համոզմամբ այդպիսի օրակարգը պէտք է միտուած լինի ճգնաժամը յաղթահարելուն եւ երկիրը զարգացման ազգային–պետական ուղեգիծ տեղափոխելուն: Այսպիսի օրակարգի առաջ մղումը պահանջում է լայն համախոհութեամբ նախաձեռնող խմբի ձեւաւորում, որի հիմնական անելիքը պէտք է լինի օրակարգի շուրջ ժողովրդական լայն աջակցութիւն ապահովելը: Ի վերջոյ` իշխանութեան ձեւաւորման եւ այն փոխելու միակ իրաւատէրը ժողովուրդն է», շեշտեց Սաղաթելեան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ