By Asbarez | Friday, 11 December 2009
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Էյ.Փի.Էյ.>>>- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղկատուական եւ մամլոյ բաժանմունքի վարիչ Անտրէյ Նեսթերէնքօ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքը յատկանշական յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ:
Բանբերը աւելցուց, որ եթէ այս տարուան ընթացքին ստեղծուած դրական տեղաշարժը շարունակուի, ապա յառաջիկայ տարի տարրական սկզբունքներուն շուրջ վերջնական համաձայնութիւն մը հնարաւոր պիտի ըլլայ գոյացնել, որու հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ խաղաղութեան համաձայնագիր մը մէջտեղ բերել:
Նշենք, որ վերջերս Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէր եւս նման նախատեսութիւն մը կատարած էր:
Նեսթերէնքօ նաեւ աւելցուց, թէ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները տարածաշրջան պիտի այցելեն այս օրերուն Մատրիտի սկզբունքներուն բարեփոխուած տարբերակը պիտի ներկայացնեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ