By Asbarez | Friday, 12 June 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Արցախփրէս».- Ըստ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ Արցախի մէջ, 11 Յունիսին արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով վարակուած 4 նոր պարագաներ։ Վարակուած անձեռուն շփման շրջանակները պարզելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Այս պահուն մեկուսացուած են 79 քաղաքացիներ:
Այս հիւանդութեամբ վարակուածներուն թիւը հասաւ 68ի, իսկ զայն յաղթարած են 43 քաղաքացիներ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրեց հրամանագիր մը, որմով 12 Ապրիլին յայտարարուած եւ մինչեւ 11 Յունիս երկարաձգուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը երկարաձգուեցաւ 30 օրով՝ մինչեւ 11 Յուլիսի 2020։
«Քորոնա» ժահրին ստեղծած վիճակին պատճառով, զբօսաշրջութեան բնագաւառին կրած հետեւանքներուն մասին խօսեցաւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան՝ յայտնելով, որ, ըստ կանխատեսումներուն, ընթացիկ տարուան Յունուարէն Մայիս ամիսներուն արդէն իսկ արձանագրուած է միջազգային զբօսաշրջիկներու թիւի 76 տոկոսի նուազում: Ան նաեւ աւելցուց, որ կան կանխատեսումներ, որ այդ անկումը հասնի 90 տոկոսի, եթէ սահմանները եւ անցակէտերը փակ մնան մինչեւ տարեվերջ: Այս պարունակին մէջ Ա. Գրիգորեան նշեց, որ յառաջիկային պիտի կատարուի ուսումնասիրութիւն՝ պարզելու համավարակին հետեւանքով զբօսաշրջութեան ոլորտի տնտեսվարողներուն ունեցած վնասներու չափերը. «Ըստ այդմ, սկզբում փորձելու ենք պայմաններ ստեղծել, որպէսզի համավարակի հետեւանքով տուժած հիւրանոցային տնտեսվարողները, զբօսաշրջային օպերատորներն (գործարկուները-Խմբ.) ու զբօսավարները կարողանան ժամանակաւորապէս ֆինանսական հասանելիութիւն ունենալ: Այնուհետեւ աշխատելու ենք հասցէական աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ», շեշտեց Արտակ Գրիգորեան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ