By Asbarez | Friday, 12 June 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ռուսիոյ ազգային տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին:
Նախագահը շատ նշանակալի նկատեց այդ օրը, որ շրջադարձային կէտ է երկրին պատմութեան մէջ, նաեւ սերտօրէն կապուած է Ռուսիոյ քաղաքացիներու բարեկեցութեան աճին վերաբերող խորքային վերափոխումներուն:
«Գոհունակութեամբ ենք արձանագրում, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ռազմավարական գործընկերութիւնը, դաշնակցային յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են մեր երկրների ժողովուրդների բազմադարեայ եղբայրական կապերի վրայ, անշեղօրէն ամրապնդւում են եւ ընդգրկում մեր համագործակցութեան ամբողջ սպեկտրը (լուսապատկերը-Խմբ.) քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ հումանիտար (մարդասիրական-Խմբ.) ոլորտներում: Այդ ռազմավարական համագործակցութեան հիմքը եղել է եւ հետագայում էլ միշտ պէտք է լինի մեր երկրների եւ ժողովուրդների միջեւ վստահութեան բարձր մակարդակը», կը շեշտէ նախագահ Սարգսեան։
Ըստ անոր՝ այսօր կարեւոր նշանակութիւն կը ստանայ երկու երկիրներուն կապերու խորացումը տարածաշրջանային տնտեսական ծրագիրներուն մէջ, մասնաւորաբար՝ բարձր արհեստագիտութեան, արհեստական բանականութեան եւ նորարարութիւններու, պարէնային անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մշակութային, մարդասիրական եւ կրթական ծրագիրներու ընդլայնումը:
«Մաղթում եմ ձեզ, յարգելի Վլադիմիր Վլադիմիրի, քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Ռուսաստանի եղբայրական ժողովրդին՝ խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ բարօրութիւն», կը յայտնէ Հայաստանի նախագահը։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ