By Asbarez | Saturday, 13 June 2020
ԵՐԵՒԱՆ.- Վերջին շրջանին ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը իրենց դիրքորոշումներ կը յայտնեն եւ համախմբուելու կոչեր կ՛ուղղեն` իշխանափոխութեան հասնելու նպատակով: Այս առումով Դաշնակցութիւնը եւս հանդիպումներ կ՛ունենայ։
Այս գծով «Լուրեր» կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան նշեց, որ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին գծով ընդդիմադիր դաշտի տարբեր քաղաքական ուժեր տուած են գրեթէ նոյն գնահատականները. «Գրեթէ բոլորը ասում են նոյն բանը, որ երկրում կայ կառավարման ճգնաժամ, երկրում կայ խնդիր եւ գործադիր իշխանութիւնը բոլոր ուղղութիւններով ունի ձախողում: Ընդդիմադիր դաշտի բազմաթիւ կուսակցութիւնների գնահատականը գրեթէ նոյնն է, եւ դրա կողքին տարբեր քաղաքական ուժեր ստեղծուած իրավիճակից ելքեր են առաջարկում», յայտնեց ան։
Ըստ Իշխան Սաղաթելեանի՝ Դաշնակցութիւնը այն տեսակէտը ունի, որ համախմբումը պէտք է ըլլայ օրակարգի շուրջ, որ պէտք է բխի Հայաստանի պետութեան եւ ժողովուրդին շահերէն, եւ որուն թիւ մէկ շահառուն պէտք է ըլլայ ժողովուրդը: «Եթէ մենք շարունակենք գնալ այն ճանապարհով, որ այս փրկիչը ձախողել է եւ անհրաժեշտ է նոր փրկիչ, անձ, որն իր կախարդական փայտիկով կը գայ եւ երկիրը այս վիճակից դուրս կը հանի, մենք շատ արագ մեր ժողովրդին կը տանենք հիասթափութեան, հետեւաբար համախմբումը պէտք է լինի օրակարգային: Այդ օրակարգը կարող է իրականացնել նոր որակի իշխանութիւնը, որը երկրում կ՛անի համակարգային, ամբողջական բարեփոխումներ», շեշտեց ան։
Ըստ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին` նոր որակի իշխանութիւն կարելի է ձեւաւորել միայն նոր ընտրութիւններու միջոցով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ