By Asbarez | Saturday, 13 June 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 12 Յունիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած են «Քորոնա» ժահրի վարակման 612 նոր պարագաներ, ապաքինած են 173 անձեր, մահացած են 13 ուրիշներ։ Հաստատուած պարագաներուն ընդհանուր թիւը այսպիսով շրջանցեց 15 հազարը՝ հասնելով 15,281ի։ Ապաքինածներուն թիւը 5639 է, մահերունը՝ 258։
Այս ճգնաժամային կացութիւնը քննարկուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, որ որոշեց 30 օրով երկարաձգել արտակարգ դրութիւնը՝ մինչեւ 13 Յուլիս։
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին տեղեկացուց, որ 13 Յունիսին յատուկ թռիչքով Ֆրանսայէն Հայաստան պիտի գան 10 բժիշկներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին։ Ըստ անոր՝ յառաջիկայ օրերուն նոյն նպատակով այլ երկիրներէ եւս բժիշկներ պիտի գան Հայաստան։
Նախարարը աւելցուց, որ բանակցութիւններու մէջ են Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւրոպական գրասենեակին հետ եւ կը քննարկեն արտակարգ իրավիճակներու համար ստեղծուած խումբերու այցելութիւնները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ