By Asbarez | Saturday, 13 June 2020
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարցերով Եւրոպական խորհրդարանի համազեկուցողներ Թրայեան Պեսեսքու, Ժելենա Զաւքօ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ խորհրդարանական համագործակցութեան կոմիտէի նախագահ Մարիա Կալիւրանտ 11 Յունիսին հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ` քննադատելով Արցախը Հայաստանին կապող նոր մայրուղիի շինարարութիւնը եւ շարք մը հակահայկական ձեւակերպումներ հնչեցուցին:
Արցախի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան «Ապառաժ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ նման յայտարարութիւններ ոչ թէ կը նպաստեն տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացման եւ խաղաղութեան պահպանման, այլ նոր, աւելի լարուած իրավիճակ կը ստեղծեն։
«Այդ յայտարարութիւնը խօսում է նրա մասին, որ Եւրոխորհրդարանի պատասխանատուները շատ դէպքերում ճիշդ տեղեկատուութիւն չեն ստանում: Մեր հայրենիքի մի մասը կազմող այդ տարածքները, որտեղով պէտք է երրորդ ճանապարհը կառուցուի եւ Արցախի Հանրապետութիւնը կապուի Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ոչ մի կապ չունեն օկուպացիայի (գրաւման-Խմբ.) հետ: Արցախահայութիւնը պայքարել է իր ազատութեան համար, Ադրբեջանը մեզ պատասխանել է պատերազմով եւ արդիւնքում մեր հայրենիքի մի մասն ազատագրել ենք: Հայրենիքի այս փոքր հատուածում այսօր ապրում են Ադրբեջանից բռնատեղահանուած հայութեան ներկայացուցիչները եւ մենք որպէս երկիր պարտաւոր ենք այդ մարդկանց համար ապրելու սովորական պայմաններ ստեղծել, իսկ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները փորձում են այդ պայմաններն ապահովել: Դա մարդու իրաւունքներից բխող մօտեցում է», յայտնեց Վահրամ Բալայեան:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան մնայուն կերպով կը փորձէ եւրոպական կառոյցներուն մէջ անցընել տալ հակահայկական զանազան բանաձեւեր, որոնց մեծ մասը ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներուն գործունէութեան իբրեւ արդիւնք կը չէզոքացուին, բայց Ատրպէյճանի լոպիական աշխատանքին պատճառով երբեմն նման հակահայկական մօտեցումներ կը հնչեն Եւրպական խորհրդարանի ամպիոնէն:
Ըստ Վահրամ Բալայեան` Արցախը չճանչցուած ըլլալուն պատճառաւ, Արցախի Հանրապետութեան համապատասխան մարմինները չեն կրնար աշխոյժ գործունէութեան ծաւալել, իսկ Հայաստանի պատասխանատու մարմինները բաւարար աշխատանք չեն տարած, որպէսզի նման սխալ տեղեկատուութիւն մեզի վնասող հանգամանք չդառնայ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ