Ծառուկեան Զրկուեցաւ Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ. Ազգային Ժողովը Համաձայնութիւն Տուաւ Զայն Ազատազրկելու Միջնորդութեան

By Asbarez | Wednesday, 17 June 2020

0617Kakig1

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէփ».- Հայաստանի Ազգային ժողովը 16 Յունիսին, փակ գաղտնի քուէարկութեամբ  «Բարգաւաճ Հայաստան» (ԲՀԿ) խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը զրկեց պատգամաւորական աձեռնմխելիութենէ:

Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ քուէարկութեան կողմ քուէարկեցին 87 պատգամաւորներ, դէմ՝ ոչ ոք:

«Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտնեցին, որ պիտի չմասնակցին քուէարկութեան:

Նոյն օրը՝ աւելի ուշ, Ազգային ժողովը համաձայնութիւն տուաւ Գագիկ Ծառուկեանը ազատութենէ զրկելու համաձայնութիւն տալու վերաբերող Հայաստանի գլխաւոր դատախազին ներկայացուցած միջնորդութեան՝ 87 թեր ձայնով:

Մինչ այդ, Ազգային ժողովին մէջ իրեն նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն եւ ազատութենէ զրկելուն համաձայնութիւն տալու մասին գլխաւոր դատախազի միջնորդութեան ներկայացման ընթացքին Գագիկ Ծառուկեան իրեն վերագրուող գործը նկատեց շինծու՝ վստահեցնելով, որ ընտրակաշառք չէ տուած: Ըստ անոր` այս գործընթացները հետեւած են 5 Յունիսին ԲՀԿի քաղաքական խորհուրդի նիստի իր յայտարարութեան եւ կապ ունի անոր հետ:

«Իմ սկզբունքից յետ չեմ կանգնելու, ես այս երկիրը սիրում եմ, ամէն ինչ արել եմ, շահի համար անողը թող թուրք, ադրբեջանցի լինի, թող դաւաճան լինի», շեշտեց Ծառուկեան՝ դիտել տալով, որ ինք պարզապէս իշխանութիւնը խանգարած է` իրականութիւնը ներկայացնելով:

Ան դժգոհութիւն յայտնեց յեղափոխութեամբ իշխանութեան եկած կառավարութեան աշխատանքէն: «Առաջին օրուանից եմ ասել` ձեր կողքին եմ եղել, 1/3րդը տուել եմ, հրաւիրել է, Փաշինեանի հետ ստորագրել եմ յուշագիրը, բոլոր հարցերով ցանկացել եմ աջակցել, որ ժողովրդի սպասելիքն իրականութիւն դառնայ», յայտնեց ԲՀԿի ղեկավարը եւ դիտել տուաւ, որ, սակայն իշխանութիւնը չէ արդարացուցած սպասումները, ժողովուրդին տուած խոստումները չեն կատարուած:

«Ես պատրաստ եմ ցանկացած հարցի, ցանկացած խնդրի: Օրէնքը բոլորի վրայ է ազդում: Բայց շինծու գործն ամօթ է: Ես պատրաստ եմ: Դրանով Ծառուկեանին աւելի հերոսացնում էք», եզրափակեց Ծառուկեան:

Նշենք, որ նիստերուն ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ տեղի ունեցան Գագիկ Ծառուկեանին զօրակցող ցոյցեր, եւ առաւել քան 150 քաղաքացիներ ձերբակալուեցան։

comments