Հայաստանը Չի Կարող Անտարբեր Մնալ Լիբանանահայ Համայնքի Խնդիրների Նկատմամբ. Մնացականեան

By Asbarez | Thursday, 18 June 2020

0618Zohrab

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստան չի կրնար անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի հարցերուն նկատմամբ եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան միջոցով մնայուն կապի մէջ է համայնքային բոլոր կառոյցներուն հետ:

Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան` Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին պատասխանելով «Լուսաւոր Հայաստան»էն Տարօն Սիմոնեանի հարցումին:

Տարօն Սիմոնեան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի հայ համայնքը բաւական լուրջ հարցերու դէմ յանդիման կը գտնուի, Լիբանանի մէջ կայ շատ լուրջ տնտեսական ճգնաժամ։ Ան ուզեց գիտնալ, թէ արդեօք Հայաստան այս առնչութեամբ որեւէ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ՞ լիբանանահայ համայնքին:

«Հայաստանը չի կարող անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի խնդիրների նկատմամբ, մեր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան միջոցով մշտական կապի մէջ ենք համայնքային բոլոր կառոյցների հետ եւ շարունակելու ենք այդ երկխօսութիւնը, շարունակելու ենք հետեւել հետագայ զարգացումներին: Լիբանանահայ մեր հայրենակիցների սոցիալ-տնտեսական վիճակն, ընդհանուր առմամբ, իրապէս բաւականին ճգնաժամային է: Հայաստանը եղել եւ մնում է իւրաքանչիւր հայի հայրենիքն, ով ընտրում է ապրել Հայաստանում: Այդ առումով մենք շարունակելու ենք աշխատել եւ պատրաստել այն անհրաժեշտ հիմքը, որ հնարաւորութիւն կը տայ արձագանգելու», ըսաւ նախարարը եւ նշեց, որ անմիջական օգնութեան առումով անդրադարձ պիտի կատարուի, երբ աւելի յստակ դառնայ ամէն բան։

Պատգամաւորը նշեց, որ Լիբանանի մէջ հակահայ տրամադրութիւններ կը քաջալերուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ՝ հետաքրքրուելով, որ ի՞նչ է այս մասին նախարարին տեսակէտը։

Մնացականեան պատասխանեց` ըսելով, որ ատելութեան խօսքի իւրաքանչիւր նշանակալի դսրեւորում առանձնայաատուկ մտահոգութեան տեղիք կու տայ: «Կրօնական, էթնիկ, ռասսայական (ցեղային-Խմբ.) խտրականութիւն ու ատելութիւն պարունակող որեւէ խօսք սպառնալիք է ներկայացնում առաջին հերթին բարեկամ Լիբանանի ներքին կայունութեան, պետական կառուցուածքի եւ հասարակական համակեցութեան հիմնարար արժէքների համար: Վստահ ենք, որ Լիբանանի կառավարութիւնը եւ հանրութիւնը եւ ոչ միայն լիբանանահայութիւնը, խստօրէն հակազդելու են նման ցանկացած դրսեւորումների», ըսաւ Մնացականեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement