Բանակը Հերքեց Հայկական Կողմէ Ատրպէյճանական Գիւղի Մը Ուղղութեամբ Կրակ Բանալու Տեղեկութիւնը

By Asbarez | Thursday, 18 June 2020

0618Sahman

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց ատրպէյճանական Ordu.az կայքի տարածած հաղորդագրութիւնը, ըստ որուն, իբր թէ հայկական ուժերը 60 մմ. տրամաչափի ականանետէ կրակ բացած են Թերթերի շրջանի Ղափանլու գիւղի ուղղութեամբ` թիրախա դառձնելով ցորեն տեղափոխող բեռնատարը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարում է, որ բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները խստիւ հետեւում են հրադադարի պահպանման ռեժիմին, միեւնոյն ժամանակ յորդորում է ադրբեջանական կողմին զերծ մնալ իրավիճակն արհեստականօրէն ապակայունացնելուն միտուած քայլերից, հակառակ դէպքում հետեւանքների համար ողջ պատասխանատուութիւնը կրելու է ադրբեջանական կողմը»,կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

comments