Հայաստանի Մէջ Քորոնա Ժահրի 459 Նոր Պարագաներ, 706 Ապաքինումներ Եւ 10 Մահեր

By Asbarez | Saturday, 20 June 2020

0620Corona

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19 Յունիսին, Հայաստանի մէջ հաստատուեցան «Քորոնա» ժահրի 19,157 պարագաներ, որոնց 8266ը ապաքինած են:

Ներկայիս այս հիւանդութենէն կը բուժուին 10,462 վարակակիրներ: Կատարուած են 91,943 քննութիւններ: Մէկ օրուան մէջ կան 459 նոր պարագաներ եւ 706 ապաքինումներ։

Այս ժահրին պատճառով արձանագրուած են մահուան 319 պարագաներ:

Արցախի մէջ, թէեւ այս ժահրին պատճառաւ մահեր չկան, վարակուողներու թիւը հասաւ 96ի, քննութիւն կատարածներուն թիւը 1553 է, կայ 93 մեկուսացած են անձեր։

comments