By Asbarez | Friday, 11 December 2009
Ըստ <<armtoday.info>>ի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ աշխոյժ կերպով կը հետեւին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին եւ կը մասնակցին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի աշխատանքներուն։
<<Այդ հարցը կարեւոր է ոչ թէ այն պատճառով, որ մենք կարգաւորման գործընթացը կը դիտարկենք իբրեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղի, այլ այն պատճառով, որ ատիկա մեծ ներդրում պիտի ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին մէջ։ Ատկէ կը շահին ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը>>, նշած է ան։
Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն Կորտըն յայտնած է, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ, որ երկու երկիրներու խորհրդարանները վաւերացնեն զանոնք։ Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացները յաջող աւարտ կ՛ունենան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ