Դատարանը Մերժեց Գագիկ Ծառուկեանը Բանտարկելու Միջնորդութիւնը

By Asbarez | Monday, 22 June 2020

0623Kakig

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի` Շէնգաւիթի նստավայրի դատաւոր Ռոպերթ Պապոյեան մերժեց վարոյթ իրականացնող մարմինին` «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը երկու ամիսով բանտարկելու միջնորդութիւնը:

Նշենք, որ միջնորդութեան քննութիւնը տեւեց 3 օր:

Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 154.2 յօդուածով (ընտրողի կողմէ թեկնածուներէ, կուսակցութիւններէ (կուսակցութիւններու դաշինքներէ), հանրաքուէի քարոզչական նախաձեռնութիւններէ կաշառք ստանալը կամ թեկնածուներու, կուսակցութիւններու (կուսակցութիւններու դաշինքներու), հանրաքուէի քարոզչական նախաձեռնութիւններու կողմէ ընտրողներուն կաշառք տալը կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացման խոչընդոտելը). Ծառուկեան մեղադրանքը չ՛ընդունիր եւ զայն կ՛որակէ ապօրինի:

Յիշեցնենք, որ 16 Յունիսին, Ազգային ժողովը ձայներու 87 կողմ, 0 դէմ յարաբերակցութեամբ որոշած էր Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու վերաբերեալ ընդհանուր դատախազի միջնորդութեան տալ համաձայնութիւն: Նոյն օրուան այլ որոշումով մը եւ ձայներու նոյն յարաբերակցութեամբ Ազգային ժողովը որոշում տուած էր Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանը ազատութենէ զրկելու գծով ընդհանուր դատախազի միջնորդութեան տալ համաձայնութիւն:

Աւելի ուշ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառում մը կատարելով՝ Հայաստանի ընդհանուր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան տեղեկացուց, թէ Հայաստանի ընդհանուր դատախազութիւնը Հայաստանի վերաքննիչ քրէական դատարանին պիտի բողոքարկէ Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ բանտարկութիւնը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժանմունքին ներկայացուցած միջնորդութեան մասին Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանին` Ծառուկեանը չբանտարկելու որոշումը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement