Եւրոպական Խորհուրդի Եւ Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահներուն Նամակը Վարչապետին 

By Asbarez | Thursday, 25 June 2020

0625Yevroba

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լէյեն միացեալ նամակը յղեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Անոնք նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին վարչապետին՝ Եւրոպայի օրուան առթիւ անոր ուղղած շնորհաւորագիրին համար։ «Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը կ՛օգտուին Արեւելեան գործընկերութեան եւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին ընձեռած հնարաւորութենէն՝ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելով: Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը այդ մէկը իրականացուցած են երկու կողմերուն համար ընդհանուր այնպիսի ուժեղ արժէքներու հիման վրայ, որոնց կարգին են ժողովրդավարութիւնը, իրաւունքի գերակայութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքը: Մենք կը խրախուսենք ձեզ՝ շարունակելու ձեր բարեփոխիչ գործունէութիւնը այս ամուր հիմերուն վրայ: Այս տարի, աւա՜ղ, մենք ստիպուած ենք դիմակայելու «Քորոնա» ժահրի մարտահրաւէրը. ասիկա արհաւիրք մըն է, որ կը վերաբերի բոլորիս», կ՛ըսուի նամակին մէջ, ուր կը նշուի նաեւ, որ ասիկա համերաշխութեան եւ միջազգային սերտ համագործակցութեան պահ է:

Պաշտօնատարները դիտել կու տան, որ Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ իր յստակ աջակցութիւնը ցուցաբերած է Հայաստանին` այս ճգնաժամը դիմակայելու համար` մասնաւորապէս եւրոպական ֆոնտերէն յատկացնելով 92 միլիոն եուրօ: Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ Հայաստանին օժանդակել՝ ոչ միայն առողջապահական, այլ նաեւ ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն ուղղութեամբ։

Անոնք կը հաստատեն, որ միասին կարելի պիտի ըլլայ այս ճգնաժամէն դուրս գալ աւելի զօրացած՝ աւելի լաւ ապագայ կառուցելու համար։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement