By Asbarez | Friday, 03 July 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հետազօտական պաշարներու կովկասեան կեդրոնը (CRRC) հրապարակեդ իր հերթական «Կովկասեան պարոմեթր» հետազօտութեան արդիւնքները: Հարցումներ ուղղուած են հայաստանցիներուն այս տարուան 21 Փետրուարէն 15 Մարտ: Ի շարս բազմաթիւ հարցումներու` մասնակցողները պատասխանած են այն հարցումին, թէ իրենք ո՛ր կառոյցներուն կը վստահին ամէնէն աւելի եւ ամէնէն նուազ։
Հետազօտութեան համաձայն՝ հանրային վստահութեան մեծագոյն պաշարը ունի բանակը` 88 տոկոս, որուն բոլորովին կը վստահի հարցախոյզի մասնակցողներուն 57 տոկոսը, իսկ 31 տոկոսը` վաղուց կը վստահէր արդէն: Բանակէն ետք հայաստանցիները ամէնէն աւելի կը վստահին եկեղեցւոյ՝ 80 տոկոս: Մասնակցողներուն 46 տոկոսը բոլորովին կը վստահի եկեղեցւոյ, իսկ աւելի կանուխ կը վստահէր 34 տոկոսը:
Հանրային վստահութեան ցանկին երրորդ դիրքը կը գրաւէ նախագահը` 78 տոկոս վստահութեան պաշարով: Չորրորդ դիրքին վրայ է կառավարութիւնը (վարչապետ, նախարարներ)` 71 տոկոս: Մասնակցողներուն 27 տոկոսը բոլորովին կը վստահի կառավարութեան, իսկ աւելի կանուխ կը վստահէր 44 տոկոսը:
Նշենք, որ հարցախոյզը կատարուած է, երբ Հայաստանի մէջ նոր թափ ստացած էր «Քորոնա» ժահրը, իսկ կառավարութիւնը կը թերագնահատէր համաճարակին վտանգը, դեռ չէր դադրեցուցած սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւը:
Վստահութեան աստիճանաւորման հինգերորդ ու վեցերորդ դիրքերը կը բաժնեկցին ոստիկանութիւնը եւ կրթական համակարգը` 51ական տոկոսով: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին եւ խորհրդարանին, հարցախոյզին համաձայն՝ կը վստահի 39 տոկոսը, ՄԱԿին եւ Եւրոպական Միութեան` համապատասխանաբար մասնակցողներուն 38 եւ 37 տոկոսը:
Դրամատուներուն կը վստահի հայաստանցիներուն 34 տոկոսը, լրատուամիջոցներուն նկատմամբ վստահութիւնը միայն 29 տոկոս է, աւելի նուազ է վստահութիւնը հասարակական կազմակերպութիւններուն հանդէպ՝ 26 տոկոս: Անվստահութեան մրցանիշ սահմանած է դատական համակարգը: Իշխանութեան դատական ճիւղին կը վստահի միայն 22 տոկոսը:
Վստահութեան ճգնաժամի մէջ են քաղաքական կուսակցութիւնները կամ քաղաքական համակարգը: Կուսակցութիւններուն նկատմամբ ընդհանուր վստահութիւնը չի գերազանցեր 20 տոկոսը: Ընդ որում, բոլորովին կը վստահի մասնակցողներուն միայն 3 տոկոսը, իսկ 17 տոկոսը` աւելի կանուխ կը վստահէր արդէն։
comments
Սահմաններու Բացումով Պիտի Վտանգուի Մեր Տնտեսական Անվտանգութիւնը
«Սա Հերթական Խայտառակ Պարտութիւնն Էր Հայաստանի Համար»․ Վազգէն Մանուկեանի Յայտարարութիւնը
Մոսկուայի Մէջ Ստորագրուեցաւ «Արցախի Զարգացման» Մասին Եռակողմանի Յայտարարութիւն
Պաքու Կոպտօրէն Կը Խախտէ Մարդասիրական Գործընթացը. Թաթոյեան
Տեղահանուած Արցախցիներուն Համար Շուրջ 700 Առանձնատուներ Պիտի Վերանորոգուին
Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկեցին Արցախի Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր
«Նիկոլի Գործունէութեան Արդիւնքում Մենք Կանգնած Ենք Նոր Պատերազմի Եզրին». Ի. Սաղաթէլեան
Պաքու Կը Քննադատէ Այվազեանի Արցախ Այցելութիւնը
Արցախի Զինադադարի Հսկողութեան Կեդրոնի Թուրք Զինուորները Մեկնեցան Ատրպէյճան
«Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»ին Ղեկավարները Մասնակցեցան Տարեվերջի Սուրբ Պատարագին