By Asbarez | Wednesday, 15 July 2020
«Միշտ Պատրաստ Ենք Մեր Բոլոր Հնարաւորութիւնները Եւ Կարողականութիւնը Ի Սպաս Դնելու Հայրենիքին Ու Հայութեան Անվտանգութեան Եւ Զարգացումին»
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ ու ռազմատենչ նկրտումներու հերթական փաստը արձանագրուեցաւ: Այս պահուն, թիրախը Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան սահմանի հատուածն է: Ինչպէս նախորդ բոլոր պարագաներուն, այս անգամ ալ անոր կ՛ուղեկցի քարոզչական ապատեղեկատուութիւնը, Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ:
Առաջին իսկ պահէն, ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցը ձեռնարկեց իր բոլոր կարողութիւններով միջազգային հանրութեան ներկայացնելու՝ բանակցութիւններու փոխարէն Հայաստանին ֆիզիքական սպառնալիք ներկայացնող Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը, անգամ մը եւս հաստատելով, որ ներխուժումն ու նախայարձակ կողմը չդատապարտելը կը խրախուսէ Ատրպէյճանը եւ հող կը նախապատրաստէ լայնամասշտաբ ռազմական գործողութիւններու համար:
Այս դժուարին պահուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր աշխարհասփիւռ կառոյցով, Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցով, ուղեկից միութիւններով ու համակիրներով կանգնած է հայկական զոյգ պետութիւններուն, հայկական բանակին կողքին: Ինչպէս միշտ, մենք պատրաստ ենք մեր բոլոր հնարաւորութիւններն ու կարողականութիւնը ի սպաս դնելու հայրենիքին եւ հայութեան անվտանգութեան եւ զարգացումին։
ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ
14 Յուլիս 2020
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ