By Asbarez | Thursday, 16 July 2020
15 Յուլիսին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Հիմնականին մէջ արծարծուեցան հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին օրերուն արձանագրուած լարուածութիւնը, յատկապէս Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական բարձրագոյն իշխանութիւններուն կողմէ միակողմանի եւ հակահայ յայտարարութիւնները եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան աշխատանքները՝ ի զօրակցութիւն հայկական պետականութեան ու բանակին:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան դիտել տուաւ, որ անմիջապէս ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներուն կողմէ տարբեր պետութիւններու մէջ լուսարձակներ հրաւիրուած են Ատրպէյճանի սադրանքներուն եւ Թուրքիոյ մեղսակցութեան վրայ՝ աւելցնելով, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին, եւ որոշ շրջանակներէ կան դրական արձագանգներ՝ հայկական մտահոգութիւններուն վերաբերեալ։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը վերահաստատեց միշտ հայրենիքին, հայոց բանակին եւ հայ զինուորին կողքին ըլլալու կուսակցութեան յանձնառութիւնը:
Այս հեռաձայնային զրոյցին մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ Արցախի նախագահը արձանագրած է՝ գրելով. «Բարձր գնահատելով Դաշնակցութեան դերը համազգային շահերի պաշտպանութեան ու առաջմղման համատեքստում՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին ներկայացրել եմ Արցախի իշխանութիւնների դիրքորոշումը քննարկուած հարցերի վերաբերեալ»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ