By Asbarez | Monday, 09 January 2012
ԳԻՒՄՐԻ, «7 օր».- Ամանորեան տօներէն ետք հայկական արտադրութեան ծխախոտ նախընտրողները անակնկալի եկան, երբ Հայաստանի մէջ արտադրուող բազմաթիւ ծխախոտի տեսակներու սակը Գիւմրիի մէջ բարձրացաւ 20-50 դրամով։ Պր-պտումներէն ի յայտ ելաւ, որ տօնական օրերէն ետք խանութներուն հայկական ծխախոտ մատակարարողները ապրանքը աւելի բարձր սակով յանձնած են. «Մօտ 7-8 տեսակի ծխախոտ թանկացել է միջինը 35 դրամով: Օրինակ «Ախթամար» տեսակի ծխախոտի գինը բարձրացել է 50 դրամով, հիմա վաճառում ենք 400 դրամի: Մատակարարները թանկացման պատճառը նկատեցին ծխախոտի հարկի բարձրացումը», ըսաւ վաճառողուհին:
Ան նաեւ աւելցուց, թէ սղած են նաեւ որոշ տեսակի ոգելից ըմպելիները՝ աւելցնելով, որ հաւանական է, որ հետագային այլ տեսակներ եւս սղին։
Ծխախոտ գնողներէն մէկը յայտնեց, որ նման քայլերով կառավարութիւնը ոչ թէ կը պայքարի ծխելու դէմ, այլ կը թալանէ քաղաքացիները։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ