By Asbarez | Thursday, 16 July 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը Հայաստանին կը սպառնայ միջազգային կորիզային յանցագործութեամբ՝ ռմբակոծելով Մեծամօրի կորիզային ելեկտրակայանը: Այդ յայտարարութիւնը կատարեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Վակիֆ Տարկեախլի:
«Հայկական կողմը պէտք չէ մոռնայ, որ առաւել ժամանակակից հրթիռային համակարգերը, որոնք կը գտնուին ատրպէյճանական բանակի զինանոցին մէջ, կրնան մեծ ճշգրտութեամբ հարուածել Մեծամօրի ելեկտրակայանը, ինչ որ Հայաստանի համար մեծ աղէտ պիտի ըլլայ», յայտնեց Տարկեախլին 16 Յուլիսին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Հայաստան 12 Յուլիսին սկիզբ առած սահմանային լարուածութեան օրերուն երբեք չէ յայտարարած քաղաքացիական ենթակառոյցներ, որոնց կարգին Մինկեչաուրի ջրամբարը հարուածելու մասին, նաեւ երբեք թիրախ չէ դարձուցած քաղաքացիներ ու բնակարաններ։
Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Պատասեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կ՛անդրադառնայ Մեծամօրի հիւլէական կայանը ոչնչացնելու գծով Ատրպէյճանի սպառնալիքին՝ դիտել տալով, որ նման սպառնալիք պէտք է մտահոգիչ ըլլայ թէ՛ ամբողջ տարածաշրջանին եւ թէ միջազգային հանրային կարծիքին համար։
Այս մասին արտայայտուեցաւ նաեւ Հայաստանի արդարադատութեան նախկին նախարար Յովհաննէս Մանուկեան, որ շեշտեց, թէ Ատրպէյճանի պետական ռազմական գերատեսչութեան լիրբ յայտարարութիւնը պետական ահաբեկչութեան սպառնալիք է Հայաստանի ժողովուրդին հանդէպ:
Ան հաստատեց, որ այս հարցը անհրաժեշտ է դարձնել քննարկման առարկայ համապատասխան միջազգային կառոյցներուն եւ միջպետական երկկողմանի յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ պատասխանատու եւ շահագրգիռ պետութիւններու հետ՝ աւելցնելով, թէ պէտք է համակարգուած աշխատանքի լծուի Հայաստան, որպէսզի կարելի ըլլայ այս սպառնալիքին համարժէք պատասխան տալ։ «Շատ կարեւոր է նաեւ մեր քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանքը գործընկեր պետութիւնների հետ, յատկապէս այն երկրների, որոնք համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ դիրքաւորւում են որպէս միջուկային անվտանգութեան համար պատասխանատու երկրներ», նշեց Մանուկեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ