* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Եւրոպական Միութիւնը Ազատ Եւ Արդար Ընտրութիւններ Կ՛ակնկալէ Հայաստանէն

Tuesday, 10 January 2012     |    |   

Source: Asbarez
Tags: armenia, eu

 

ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատարի բանբեր Փիթըր Սթանօ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է 2012 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք միջազգային հաւաք մը կազմակերպելու՝ հայաստանեան բարեփոխումներուն աջակցելու համար:

Ան ընդգծեց, որ հայաստանի մէջ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին ազատ եւ արդար կերպով:

Եւրոպացի դիւանագէտը յայտնեց, որ 2012 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է կազմակերպելու միջազգային հաւաք մը՝ Հայաստանի մէջ կայուն բարեփոխումներու համար միջազգային համայնքի աջակցութիւնը համախմբելու նպատակով: Եւրոպական Միութիւնը միշտ ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է այս ընտրութիւնները կատարել միջազգային չափանիշերուն համապատասխան եւ իրագործել ստանձնած պարտաւորութիւնները: Ըստ դիւանագէտին, Եւրոպական Միութեան համար ամէնէն կարեւոր առաջնահերթութիւնը բարեփոխումներն են՝ ժողովրդավարութեան մարզին, արդարադատութեան համակարգին եւ տնտեսական դաշտին մէջ:

«2011ին մենք Հայաստանի կողմէ յառաջընթաց նկատեցինք բոլոր այս մարզերուն մէջ, եւ շատ կարեւոր է, որ այդ միտումը պահպանուի նաեւ յետագայ տարիներուն ընթացքին», յայտնեց եւրոպացի դիւանագէտը:

Ան նշեց, որ երկկողմանի յանձնառութիւն կայ ա՛լ աւելի ամրապնդելու Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը միացնող կապերը: Ըստ անոր, Հայաստան անշուշտ շատ կարեւոր գործընկեր է եւրոպական ընտանիքին համար՝ Արեւելեան դրացնութեան շրջագիծին մէջ, եւ Եւրոպական Միութիւնը ուրախ է, որ Հայաստան աշխոյժ եւ նորանոր նախաձեռնութիւններ կ՛իրականացնէ:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարի գրասենեակը նաեւ կ՛ընդգծէ 2012ի ընտրութիւնները ազատ եւ թափանցիկ կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Ան կ՛աւելցնէ, որ ուշադրութեամբ պիտի հետեւի անոնց կայացման:

«Մենք շատ ուրախ էինք լսելու Հայաստանի իշխանութիւններէն, որ 2012 թուականի ընտրութիւնները պիտի ըլլան ազատ եւ արդար, լաւագոյնը՝ Հայաստանի պատմութեան մէջ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի բանբեր Մայա Քոնսիյանչիչ: Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը յստակ է այս հարցին մէջ. ան կ՛ուզէ, որ ընտրութինները անցնին միջազգային չափորոշիչներուն համապատասխան, եւ Եւրոպական Միութիւնը ուշադրութեամբ պիտի հետեւի անոնց, նաեւ այն պատճառով, որ այս հարցը ժողովրդավարական զարգացման կարեւոր տարրերէն մէկն է, գերակայ ուղղութիւն՝ Եւրոպական Միութեան համար:

Անդրադառնալով 2012ին նախատեսուած ծրագիրներուն եւ առաջնահերթութիւններուն՝ եւրոպացի պաշտօնեաները նշեցին Հայաստանի հետ այցեգիրի դրութեան պարզեցման մասին համաձայնագիրի ստորագրումը, որ նախատեսուած է այս տարուան առաջին ամիսներուն: Պիտի շարունակուին նաեւ բանակցութիւնները ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ, ինչպէս նաեւ փորձերը՝ ղարաբաղեան տագնապի լուծման նպաստելու ուղղութեամբ:

«Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է շրջանային տագնապներու լուծման աջակցելու իր յանձնառութեան, եւ մենք շատ կ՛ուզենք աշխուժացնել մեր ջանքերը եւ ընդլայնել յանձնառութիւնը այս ուղղութեամբ», ընդգծեց Մայա Քոնսիյանչիչ:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement