Էրտողան Հայաստանի Հետ Կապերը Կը Պայմանաւորէ Արցախի Հարցով

By Asbarez | Friday, 11 December 2009

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>>, <<Թրենտ>>.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին, Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ հանդիպումը: Թուրքիոյ վարչապետին կ՛ընկերակցէին արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու, պետական նախարար Ալի Պապաճան, Եւրոմիութեան հետ գլխաւոր բանակցող Էկէմէն Պաղըշ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Ամերիկեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ ուրիշներ:

Երկու պատուիրակութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք՝ Օպամա եւ Էրտողան անջատ հանդիպում մը ունեցան, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Օպամա յայտարարեց, թէ որոշուած է շարունակել <<ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարը>> եւ աւելցուց, թէ Թուրքիա կարեւոր դերակատար մը պիտի ըլլայ Իրանի հիւլէական ծրագիրը զսպելու աշխատանքներուն մէջ: Էրտողան եւս շեշտեց, թէ Անգարա պատրաստ է Իրանի հետ բանակցութեանց ընթացքին աւելի գործօն դերակատարութիւն ստանձնելու:

Իր կարգին, Էրտողան դարձեալ յայտարարեց, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու աշխատանքները կախեալ են Ատրպէյճան-Հայաստան բանակցութիւններէն:

Ակնարկելով Ատրպէյճանի դերակատարութեան, Էրտողան ըսաւ. <<Ատիկա կարեւոր է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարդ յարաբերութեանց մէջ>>:

Թուրքիոյ վարչապետը նոյնպէս յայտնեց, թէ Օպամայի հետ քննած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի միջնորդական ջանքերը:

Իր հերթին, Օպամա ողջունեց քրտական տագնապին նկատմամբ Թուրքիոյ կառավարութեան որդեգրած վերջին քայլերը, վստահեցնելով, թէ ահաբեկչական արարքները պիտի նուազին, եթէ քիւրտերը զգան որ իրենք իսկապէս Թուրքիոյ ընկերութեան մէկ մասնիկն են: Ան կոչ ըրաւ նաեւ հաստատելու խտրականութեանց դէմ պայքարելու համար յատուկ յանձնաժողով մը, փոքրամասնութեանց առնչուող հարցերը քննելու եւ զանոնք շրջանցելու առաջարկներ ներկայացնելու համար:

Օպամա նաեւ դրուատեց Աֆղանիստանի ու Փաքիստանի տագնապներուն դէմ դնելու աշխատանքներուն մէջ Թուրքիոյ տրամադրած օժանդակութինը։ Սակայն քաղաքական մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ Ուաշինկթըն յատկապէս Աֆղանիստանի մէջ յաւելեալ ներդրում կ՛ակնկալէր Անգարայէն, յաւելեալ 30,000 ամերիկացի զինուորներ հոն ղրկելու Սպիտակ տան որոշումին լոյսին տակ:

Միացեալ Նահանգներ ճամբայ ելլելէ առաջ, Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա յաւելեալ ոյժեր պիտի չուղարկէ Աֆղանիստան։ <<Թուրքիա արդէն իր կարելին ըրած է այդտեղ գտնուող իր ոյժը շուրջ 700էն 1750ի բարձրացնելով>>։ Աթաթիւրքի անուան օդակայանին մէջ, ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ իր այցելութիւնը պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը։ <<Մտադիր ենք նախագահ Օպամայի հետ հանդիպումէն ետք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի կարգ մը անդամներու հետ հանդիպում ունենալ>>, ըսաւ ան եւ աւելցուց. <<Օպամայի հետ պիտի քննենք թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ապագան, մեր երկու երկիրներու օրակարգերուն վրայ գտնուող շրջանային եւ միջազգային հարցեր, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան իրբեւ արդիւնք միջազգային միացեալ ծրագիրներ եւ այդ նպատակով արդէն իսկ առնուած քայլերը>>։

Ան նշեց, որ տեսակէտներ պիտի փոխանակուի նաեւ Իրաքի, Աֆղանիստանի, Միջին Արեւելքի, արեւելեան Միջերկրականի, Պալքաններու, Կովկասի, հակաահաբեկչութեան, զանգուածային քանդումի զէնքերու տարածման կանխարգիլման, համաշխարհային տնտեսական տագնապի, կենսոլորտի փոփոխութեան եւ ուժանիւթի մատակարարման ապահովութեան վերաբերեալ:

Էրտողան նաեւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիպումներէն ետք, <<մեր ճամբան պիտի շարունակենք դէպի Մեքսիքա՝ մեքսիքացի նախագահ Ֆիլիփէ Քալտերոնի հրաւէրին հիման վրայ: Մեքսիքա այցելութիւնս տաս տարիէ ի վեր թուրք վարչապետի մը կողմէ առաջինը պիտի ըլլայ>>։ Էրտողան Թուրքիա պիտի վերադառնայ Դեկտեմբեր 10ին։

comments

Advertisement