Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպում՝ Յունուար 23-24ին

By Asbarez | Monday, 09 January 2012

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Յունուար 23-24ին, Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը՝ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի միջնորդութեամբ:

Նշենք, որ 2011ի ընթացքին Մետվետեւի միջնորդութեամբ երկու նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած էին նման երկու հանդիպումներ, որոնցմէ առաջինը՝ Մարտ 5ին՝ Սոչիի մէջ, իսկ երկրորդը՝ Յունիս 24ին՝ Քազանի մէջ։

comments