Մինսկի Խմբակի Համանախագահները Կոչ Կուղղեն Զերծ Մնալու Կարեւոր Նշանակութիւն Ունեցող Ենթակառոյցներուն Սպառնալէ

By Asbarez | Monday, 27 July 2020

0728minsk

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիք հրապարակեցին յայտարարութիւն մը հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին օրերու բախումներուն վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ անոնք կ՛ողջունեն հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ 16 Յուլիսէն հաստատուած յարաբերական կայունութիւնը: Համանախագահները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` օգտուելու աշխուժ մարտական  գործողութիւններու թուլացումէն եւ նախապատրաստուելու առարկայական բանակցութիւններու` տագնապին համապարփակ լուծում գտնելու համար:

Համանախագահները անգամ մը եւս կ՛ընդգծեն, որ այս բարդ շրջանին չափազանց կարեւոր է զերծ մնալ սադրիչ յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ` ներառեալ սպառնալիքներէ կամ ենթադրեալ սպառնալիքներէ` ուղղուած  քաղաքացիական բնակչութեան եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներուն:

Համանախագահները կ՛ընդգծեն նաեւ, որ համանախագահ երկիրներու միացեալ ջանքերը քննադատող հրապարակային վերջին յայտարարութիւնները կամ կարգաւորման հոլովոյթին մէջ միակողմանի «նոր պայմաններ» սահմանելու եւ ձեւաչափը փոխելու ձգտումները չեն նպաստեր կառուցողական երկխօսութեան վերսկսման: Անոնք կը հաստատեն, որ մնայուն խաղաղ լուծման հասնելու քաղաքական կամքը լաւագոյնս կ՛արտայայտուի առաւելապաշտական մօտեցումներէ, սադրիչ յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ զերծ մնալով, ինչպէս նաեւ զինադադարի դրութեան խստօրէն հաւատարիմ մնալով:

Համանախագահները եւ ԵԱՀԿի նախագահի անձնական ներկայացուցիչը իրենց  երախտագիտութիւնը կը յայտնեն միջազգային կառոյցներուն, որոնց կարգին ՄԱԿին, ԵԱՀԿին եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն` աշխոյժ մասնակցութեան համար, որոնց կոչերը` խստօրէն հետեւելու զինադադարի դրութեան պահպանման եւ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ երկխօսութեան վերսկսելու, կը համընկնին համանախագահներուն միացեալ միջնորդական ջանքերուն եւ կ՛աջակցին անոնց:

«Մենք յատուկ կերպով կ՛ընդգծենք անկողմնակալութիւնը այնպիսի  միջամտութիւններու, որոնք կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` կեդրոնանալու լարուածութիւնը թուլացնելու վրայ, ոչ թէ վերջին լարուածութիւնը յառաջացնելու պատասխանատուութիւնը բարդելու ուրիշներու վրայ: Համանախագահները կ՛ողջունեն լարուածութեան մեղմացման եւ առանց պայմաններու բանակցութիւններու վերսկսելու գծով միջազգային աճող պնդումը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Համանախագահները կը յայտնեն նաեւ, որ  9 Մարտ 2019ի յայտարարութեան մէջ շարադրուած սկզբունքները եւ տարրերը կը շարունակեն մնալ հիմք իրենց միջնորդական ջանքերուն:

Համանախագահները պատրաստ են հանդիպելու երկիրներու ղեկավարներուն կամ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ` որեւէ պահու: Համանախագահները նաեւ կ՛ընդգծեն, որ ԵԱՀԿի դիտորդները կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է վերադառնան շրջանը:

comments