Արցախի Մէջ Քորոնա Ժահրի Վարակման 4 Նոր Պարագաներ

By Asbarez | Tuesday, 04 August 2020

0804Corona

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան մէջ, 3 Օգոստոսի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակմանի 4 նոր պարագաներ։ Տեղեկութիւնը փոխանցեց Արցախի տեղեկատուական շտապը` յղում կատարելով երկրի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն:

Վարակակիրները Ստեփանակերտի հաստատուած օճախներուն մէջ հիւանդութիւնը ունեցողներուն հետ կապ հաստատողներ են։ Անոնցմէ 3ը կ՛ապրի Ասկերանի շրջանի Խնապատ համայնքին մէջ, իսկ մէկը՝ Ստեփանակերտի: «Քորոնա» ժահրէն ապաքինած են 12 քաղաքացիներ։

Ցարդ, Արցախի մէջ արձանագրուած են 243 վարակակիրներ, որոնց 179ը յաղթահարած է հիւանդութիւնը: Փաստացի բուժում կը ստանան 63, եւ մեկուսացուած են 112 քաղաքացիներ:

Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացողներ չկան։

comments