Երեւան Ըստ Անհրաժեշտութեան Որոշումներ Պիտի Տայ Լիբանանին Օգնելու Համար. Փաշինեան

By Asbarez | Thursday, 06 August 2020

0805Aoun Nigol

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Լիբանանի նախագահ  Միշէլ Աունի հետ:

«Զօրակցութիւն եւ ցաւակցութիւն յայտնելով երէկուան պայթումին եւ զոհերուն համար` Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւնը առաջարկեցի Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին: Լիբանանի կառավարութիւնը այժմ կարիքները կը գնահատէ, որուն արդիւնքին հիման վրայ Հայաստանի կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի տայ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ  գրած է վարչապետը:

Վարչապետին աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ զրոյցին ընթացքին Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է սփոփանքի խօսքերուն համար եւ իր երախտագիտութիւնը փոխանցած Լիբանանի կարիքներուն հիման վրայ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար: Ան տեղեկացուցած է, որ երկրի իշխանութիւնները կը գործադրեն ամէն ջանք՝ ստեղծուած հարցերը կարելի եղածին չափ արագօրէն յաղթահարելու համար:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement