Հայաստանի Նախագահը Լիբանանի Իրավիճակը Եւ Լիբանանահայութեան Հարցերը Քննարկեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

By Asbarez | Saturday, 08 August 2020

0807ARmen Hagop

6 Օգոստոսին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ լիբանանահայութեան հարցերը քննարեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ։

Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նախագահը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձան պայթումին իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակին եւ լիբանանահայութեան կրած վնասներուն։ Անոնք նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի կողմէ լիբանանահայ համայնքին համար նախատեսուող օգնութեան վերաբերեալ։

Զրուցակիցները կարեւոր համարեցին լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ խօսեցան այն հիմնական կարիքներուն մասին, որոնց դէմ-հանդիման կանգնած է այսօր լիբանանահայ համայնքը։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին, որ Լիբանանին պատուհասած աղէտի այս բարդ պայմաններուն եւ դժուարին օրերուն, Հայաստան օգնութեան ձեռք կը մեկնէ Լիբանանի իր հայրենակիցներուն։

Նշենք, որ նախագահ Սարգսեան Արամ Ա. կաթողիկոսին յղեց նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսէ․ «Պէյրութը առաջին անգամը չէ, որ կը գտնուի արտակարգ իրավիճակի մէջ․ պիտի յաղթահարուի նաեւ այս փորձութիւնը: Հայ ազգային կառոյցներու համախմբումը եւ միակամ գործողութիւնները նոյնպես զօրեղ աջակցութիւն պիտի ըլլան մարդկային ու պետական այս ճգնաժամը յաղթահարելու համար»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement