By Asbarez | Thursday, 13 August 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շէնգաւիթի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային գունդի գրաւման գործով «Սասնայ Ծռեր» խումբի տասը անդամներու գործով դատական նիստը:
Մեղադրող դատախազ Պետրոս Պետրոսեան պահանջեց Էդուարդ Գրիգորեանը դատապարտել 8 տարի 6 ամուան ազատազրկման, Արեգ Կիւրեղեանը՝ 8 տարի 6 ամսուան, Պաւել Մանուկեանը եւ Սեդրակ Նազարեանը 9 տարուան, իսկ Մխիթար Աւետիսեանը` 8 տարի 9 ամսուան բանտարկութեան: Դատախազը միջնորդեց Վարուժան Աւետիսեանը դատապարտել 8 տարի 9 ամիս բանտարկութեան, Արմէն Բիլեանը` 21 տարուան, Սմբատ Բարսեղեանը` զմահ, Գագիկ Եղիազարեանը` 8 տարի 6 ամսուան բանտարկութեան, իսկ Արայիկ Խանդոյեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցնել անձի մահուան հիմքով:
Ըստ մեղադրող դատախազին` խումբի անդամները նախապէս ուսումնասիրած են գունդի տարածքը, ապա խումբի անոնք կազմակերպած են խումբը զինելու աշխատանք եւ գունդը գրաւելու համար բեռնատարի վարորդէն պայմանաւորուածութեամբ առած են զայն։
Բացի այդ, ըստ մեղադրական ճառին, խումբի անդամները պատանդ վերցուցած են գունդի տարածքին մէջ ծառայութիւն իրականացնող ոստիկաններէն մի քանին: Դատախազին պնդումով` հիմնաւորուած է, որ խումբի անդամները սպաննած են ոստիկաններ Արթուր Վանոյեանը, Եուրի Տեփանոսեանը եւ Գագիկ Մկրտչեանը: Ոստիկանները սպաննելու յանցանքով կը մեղադրուին զինուած խումբի անդամներ Սմբատ Բարսեղեան եւ Արմէն Բիլեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ