By Asbarez | Wednesday, 19 August 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի պետական պարտքը Յուլիսին աւելցած է 221 միլիոն տոլարով եւ այժմ կը կազմէ 7 միլիառ 939 միլիոն տոլար: Պետական պարտքին վերաբերեալ տուեալները հրապարակուած են ելեւմտական նախարարութեան ամսական վիճակագրական տեղեկագիրին մէջ:
Ըստ այդ տուեալներուն` պարտքի ներգրաւման տեսանկիւնէն Մարտ, Ապրիլ, Մայիս ամիսները աւելի աշխոյժ եղած են: Մասնաւորաբար, Ապրիլին 117 միլիոն տոլարի պարտք աւելցած է, Մայիսին` 310 միլիոն, Յունիսին` 5, իսկ Յուլիսին` 221 միլիոն:
Օգոստոս 2019ին, կառավարութիւնը հաղորդած էր, որ արտաքին պետական պարտքը մեծ կշռոյթով սկսած է նուազիլ: Վերջին շրջանին, սակայն, կառավարութիւնը սկսած է նոր վարկային միջոցներ ներգրաւել:
Ըստ նախարարութեան տուեալներուն` 6 միլիառ 55 միլիոն տոլարը արտաքին պարտք է, մնացածը` ներքին: Ընդհանուր պետական պարտքի առիւծի բաժինը կառավարութեան է, իսկ շուրջ 480 միլիոն տոլարը` Կեդրոնական դրամատան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ