By Asbarez | Saturday, 22 August 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 21 Օգոստոսին ընդունեցին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը:
Երկրին ղեկավարը բարձր գնահատեց Դաշնակցութեան կատարած հետեւողական աշխատանքը համահայկական հարցերու լուծման առումով` յատկապէս ընդգծելով Արցախի անկախութեան կերտման դժուար ճամբուն վրայ եւ հետագայ ձեռքբերումներուն մէջ կառոյցին ներդրած զգալի աւանդը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան լիբանանահայութեան աջակցելուն, անհրաժեշտութեան պարագային` անոնց հայրենադարձութեան կազմակերպման, ինչպէս նաեւ հայրենիքի անվտանգային համակարգին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն վերաբերող շարք մը առանցքային հարցեր:
Արմէն Ռուստամեան հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց նաեւ նախորդ տարի Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին ընդունած հռչակագիրին դրոյթները:
Արայիկ Յարութիւնեան հաստատեց, որ հետեւողական պիտի ըլլայ ազգային ու պետական շահերու պարունակին մէջ զանոնք կեանքի կոչելու գործին մէջ:
Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:
Նոյն օրը ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արցախի մէջ գործող շարք մը քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ:
Այս մասին «Ապառաժ»ի հարցումին պատասխանելով` Արմէն Ռուստամեան տեղեկացուց, որ այցելութեան նպատակը Մայիս 2019ին տեղի ունեցած` «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած կազմակերպական կոմիտէի գործունէութեան աշխուժացումն է:
«Նկատի ունենալով Արցախի Ազգային ժողովի նոր ձեւաւորուած կազմը, հանդիպումներ եմ ունեցել խորհրդարանում ընդգրկուած կուսակցութիւնների ղեկավարների հետ: Հանդիպումների նպատակը` ֆորումի արդիւնքում ստեղծուած կազմկոմիտէի գործունէութիւնն ակտիւացնելն է, ինչպէս նաեւ աշխատանքային խմբի թարմացումը` ԱՀ նոր գումարման Ազգային ժողովում ընդգրկուած կուսակցութիւնների ներգրաւմամբ», նշեց Ա. Ռուստամեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ