By Asbarez | Wednesday, 26 August 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը այս տարուան Յուլիսին, Յունիսին հետ բաղդատած՝ աւելցած է 9.7 տոկոսով: Այս մասին կը վկայեն Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած ցուցանիշները: Ընդ որում` «Քորոնա» համաժարակին պայմաններուն մէջ, Յուլիսին, Յունիսին հետ բաղդատած՝ աճ արձանագրուած է տնտեսութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերուն մէջ:
Այս տարուան Յուլիսին, Յունիսին հետ համեմատած՝ աւելցած է թէ՛ արդիւնաբերական արտադրանքի (1.4 տոկոսով), շինարարութեան (10.8 տոկոսով) ծաւալները, առեւտուրի շրջանառութիւնը (11.7 տոկոսով), մատուցած ծառայութիւններու ծաւալը (0.9 տոկոսով) եւ թէ արտաքին առեւտրական շրջանառութիւնը` 2.4 տոկոսով: Մասնաւորապէս աւելցած է արտածման ծաւալը՝ 1.5 տոկոսով, իսկ ներածումը` 2.9 տոկոսով:
Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը եւս Յուլիսին, Յունիսին հետ բաղդատած՝ աւելցած է 5.4 տոկոսով, ընդ որում` պետական հատուածին մէջ` 15, մասնաւորին` 1.5 տոկոսով: Կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ միջին ամսական անուանական աշխատավարձի ցուցանիշի հաշուարկին մէջ (Ապրիլէն սկսած) ներառուած են նաեւ տուեալները այն կազմակերպութիւններուն, որոնք «Քորոնա» ժահրին պատճառով, աշխատողներուն մէկ մասը կամ ամբողջութեամբ ուղարկած են չվճարուող հարկադիր արձակուրդի: Անոնց աշխատանքային գործունէութիւնը չէ դադրեցուած, սակայն չեն վարձատրուած:
Ելեկտրականութեան արտադրութիւնը եւս աւելցած է` 16.2 տոկոսով, իսկ սպառողական գիներուն ցուցանիշը նուազած է 2.1 տոկոսով:
Յունուարին եւ Յուլիսին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը նուազած է 5.7 տոկոսով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ