Հայաստանի Մէջ Սահմանափակումներու Դրութիւն Մինչեւ Յունուար 2021

By Asbarez | Saturday, 12 September 2020

0912Corona

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 11 Սեպտեմբերէն մինչեւ Յունուար 2021 Հայաստանի մէջ պիտի գործէ սահմանափակումներու դրութիւնը՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ։

Այս ընթացքին քաղաքացիները իրենց հետ պէտք է ունենան իրենց ինքնութիւնը հաստատող փաստաթուղթ տունէն դուրս գալու ատեն։ Կանոնը սահմանուած է համապատասխան որոշումով։

Պիտի արտօնուի կազմակերպել որոշ համախմբումներ, սակայն ոչ 60 անձերէ աւելի անձերու մասնակցութեամբ։

comments