Արցախի Մէջ Արտակարգ Իրավիճակի Ժամկէտը 30 Օրով Երկարաձգուեցաւ

By Asbarez | Saturday, 12 September 2020

0912Artzakh

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 11 Սեպտեմբերին ստորագրեց hրամանագիր մը, որուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան մէջ 12 Ապրիլին յայտարարուած եւ մինչեւ 11 Սեպտեմբեր երկարաձգուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը 30 յաւելեալ օրով պիտի երկարաձգուի եւ երկարի մինչեւ 11 Հոկտեմբեր։

Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

comments