Զօհրապ Մնացականեան Եւ Եգիպտոսի Նախագահը Բարձր Գնահատեցին Հայ-Եգիպտական Յարաբերութիւնները

By Asbarez | Tuesday, 15 September 2020

0915meeting

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Եգիպտոս գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան 14 Սեպտեմբերին այցելեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Ալ-Սիսիին:

Նախարար Մնացականեան խորին երախտագիտութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար՝ վերահաստատելով հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը քայլերու ձեռնարկելու հայ-եգիպտական  համագործակցութեան առաւել ընդլայնման եւ ամրապնդման շուրջ։  Իբրեւ համագործակցութեան գերակայ ուղղութիւններ` զրուցակիցները առանձնացուցին տեղեկատուուական արհեստագիտութեան, ելեկտրոնային կառավարման, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան եւ գիտական-կրթական ոլորտները:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ Եգիպտոսի նախագահը բարձր գնահատեցին աւանդական բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները՝ արժեւորելով եգիպտահայ համայնքին կամրջող դերակատարութիւնը երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ կապերու ամրապնդման մէջ: Նախարար Մնացականեան արժեւորեց Եգիպտոսի պատմական դերը եւ ներկայի փորձառութիւնը կրօնական բազմազանութեան եւ համերաշխութեան պահպանման ու ամրապնդման գործին մէջ:

Զրուցակիցները քննարկեցին շրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերու լայն շրջանակ մը։ Նախարարը մտահոգութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ  անկայունութիւն տարածելու փորձերուն վերաբերեալ՝ այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատելով խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման վերաբերող միջազգային համագործակցութիւնը։

 

Հանդիպում՝ Շէյխ Ահմետ Մուհամմետ Ալ-Թայիպի Հետ

0915Imam

Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ալ-Ազհար մզկիթի գերագոյն հոգեւորական շէյխ Ահմետ Մուհամմետ Ալ-Թայիպի հետ:

Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ հայ-եգիպտական դարաւոր բարեկամութիւնը՝ խարսխուած երկու ժողովուրդներուն միջեւ համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի զգացումներու վրայ:

«Յիրաւի գնահատելի է Եգիպտոսի կառավարութեան ջերմ եւ հոգատար վերաբերմունքը հայ համայնքի նկատմամբ, ինչի շնորհիւ հայերը կարողացան պահպանել իրենց լեզուն, մշակոյթը, կրօնը եւ ազգային ինքնութիւնը», յայտնեց նախարար Մնացականեան՝ աւելցնելով, որ կրօնական հանդուրժողականութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն Եգիպտոսի փորձառութիւնը կրնայ լաւ օրինակ ծառայել:

Երկուստեք մտահոգիչ նկատեցին  աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ ծայրայեղական դրդապատճառներով յանցագործութիւնները եւ կրօնական հիմքի վրայ խտրականութեան դրսեւորումները ու քաղաքական նպատակներով կրօնի շահարկումը: Այս պարունակին մէջ, զրուցակիցները շեշտեցին միջկրօնական հանդուրժողականութեան եւ համերաշխ համակեցութեան կարեւորութիւնը:

Նախարար Մնացականեան յայտնեց, որ Հայաստան միջազգային տարբեր ձեւաչափերով հետեւողականօրէն կ՛աշխատի կրօնական խումբերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ կրօններու բազմազանութեան ապահովման ուղղութեամբ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement