Կեդրոնական Դրամատունը 2020ին Կը Նախատեսէ Համախառն Ներքին Արտադրութեան 6.2 Տոկոսի Անկում

By Asbarez | Wednesday, 16 September 2020

0702central_bank

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Կեդրոնական դրամատունը փոխած է 2020ի Համախառն ներքին արտադրութեան անկման սպասուող ցուցանիշը եւ նախկին 4 տոկոս անկման փոխարէն կը նախատեսէ 6.2 տոկոսի անկում։

15 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց  Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարտին Գալստեան: Ան յայտնեց, որ անկման կշռոյթի բարձրացումը պայմանաւորուած է գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան, ծառայութիւններու եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներուն դիմագրաւած հարցերով:

Ըստ Կեդրոնական դրամատան կանխատեսման` տարեվերջին գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ անկումը պիտի ըլլայ 1.1 տոկոս, արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ` 2, շինարարութեան՝ 18.7, իսկ ծառայութիւններու ոլորտին մէջ` 6.1: Կը նախատեսուի նաեւ հարկերու կրճատում՝ 12.1 տոկոսով:

«Առաջին կիսամեակում գնահատուածից աւելի մեծ են եղել մասնաւոր ծախսումները, որի զսպող ազդեցութիւնը ներքին պահանջարկի վրայ մասամբ մեղմուել է կառավարութեան իրականացրած հարկաբիւջետային քաղաքականութեան ազդեցութեամբ», դիտել տուաւ Գալստեան` աւելցնելով, որ սպառումը եւս կրճատուած է սպասուածէն աւելի շատ:

Մասնաւոր սպառման անկումը 2020ին, Կեդրոնական դրամատան կանխատեսման համաձայն, պիտի ըլլայ 9.4 տոկոս, մասնաւոր ներդրումները պիտի կրճատուին 20 տոկոսով, մասնաւոր ծախսերը` 10.8 տոկոսով: Գնաճի ցուցանիշը 2020ին պիտի ըլլայ 2.5 տոկոս:

Ստեծուած իրավիճակին մէջ, ըստ Կեդրոնական դրամատան նախագահին, կարեւոր է կառավարութեան հարկապիւտճէական քաղաքականութիւնը, իսկ դրամատունը իր կարգին պատրաստ է դրամատուներուն ապահովելու անհրաժեշտ իրացուելիութեամբ:

Այս պարունակին մէջ դրամատան նախագահը կարեւոր նկատեց դրամագլուխի ծախսերու արդիւնաւէտ իրականացումը, զոր կառավարութիւնը, պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, կը թերակատարէ (2020ի առաջին կիսամեակին դրամագլուխի ծախսերը 60 տոկոսով թերակատարուած են): «Այս խնդիրը բարձրաձայնում ենք կառավարութեան մեր գործընկերների քննարկումներում: Ստեղծուած իրավիճակում մենք շատ ենք կարեւորում կապիտալ (գլխաւոր-Խմբ.) ծախսերի արդիւնաւէտ կատարումը», նշեց ան:

Ըստ Գալաստեանի՝ Կեդրոնական դրամատան կանխատեսութեամբ, 2021ին կ՛ակնկալուի տնտեսութեան վերականգնում: «Աճի վերականգնում ենք ունենալու, բայց նախկինում կնախատեսուած V-աձեւ վերականգնումը տեղի չի ունենայ: Այն աւելի դանդաղ կը լինի: Ամէն դէպքում ակնկալում ենք շուրջ 4-5 տոկոս ՀՆԱի աճ (նախորդ կանխատեսմամբ` 5.5 տոկոս), եւ այն կը լինի բոլոր ուղղութիւններով», դիտել տուաւ ան՝ աւելցնելով, որ դրամատան բեմագրութեան համաձայն, Հայաստան պիտի կարենայ ապրիլ «Քորոնա» ժահրին հետ եւ անիկա մեծ տարածում պիտի չունենայ երկրին մէջ՝ պատճառ դառնալով նոր սահմանափակումներու:

Գնաճի ցուցանիշը 2021ին, ըստ Կեդրոնական դրամատան, պիտի ըլլայ 1.7-2 տոկոս:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement