Ադրբեջանը Սխալ Էր, Մենք Ճիշդ Էինք. Վարչապետ Փաշինեան Յուլիսեան Մարտերու Տրամաբանութեան Մասին

By Asbarez | Wednesday, 16 September 2020

0917Houlis

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն՝ 14 Սեպտեմբերի յայտարարութիւնը նկատեց կառուցողական եւ տրամաբանական: Վարչապետը այս մասին խօսեցաւ Ազգային ժողովի ամպիոնէն՝ պատգամաւորներու եւ կառավարութեան անդամներու հարցում-պատասխանի ընթացքին:

«Այն բանակցային գործընթացը վերականգնելու կամ շարունակելու հայկական կողմի պատկերացումներին համապատասխանում է: Մենք ունենք բանակցային գործընթացում սկզբունքներ, մենք արձանագրել ենք այդ սկզբունքները, բայց ասել ենք նաեւ, որ այդ սկզբունքները չենք համարում նախապայման, որ մինչեւ այդ հարցերը չլուծուեն, մենք չենք բանակցի: Քանի որ եթէ բոլոր հարցերը լուծուել են, էլ բանակցելու կարիք չկայ: Բանակցելն այդ հարցերը լուծելու նպատակ ունի եւ ոչ թէ պետք է մեկնարկի այդ հարցերի լուծումից յետոյ: Այսինքն՝ եթէ այդ հարցերը լուծուեն են, էլ բանակցութիւններն ինչի համար են», պարզաբանեց վարչապետը՝ պատասխանելով անկախ պատգամաւոր Արման Բաբաջանեանի հարցումին:

Փաշինեան ընդգծեց, որ՝ իր ընկալումով, նախապայմաններ ունի Ատրպէյճան, որ կ՛ըսէ, թէ Ղարաբաղը պէտք է ըլլայ բացառապէս Ատրպէյճանի մաս: Իսկ բանակցութիւններուն համար մթնոլորտը յուլիսեան մարտերէն ետք յարիր է այնքան, որքան մարտերէն առաջ, որովհետեւ ինքնին յուլիսեան դէպքերէն առաջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած էին ռազմատենչ եւ ռազմաշունչ յայտարարութիւններ, որոնք, Հայաստանի վարչապետին բնորոշումով, ընդհանրապէս համահունչ չեն բանակցային տրամաբանութեան:

«Բայց կարծում եմ, որ միջազգային հանրութեան դիրքորոշումը շատ յստակ է՝ Ղարաբաղի հարցն ունի բացառապէս խաղաղ, բանակցային լուծում, իսկ յուլիսեան մարտերը փոխեցին հետեւեալ տրամաբանութիւնը. մենք ասում էինք, որ Հայաստանի եւ Արցախի հետ չի կարելի խօսել ուժի լեզուով, Ադրբեջանն ասում էր, որ իրենք 24 ժամուայ ընթացքում ուժով կը լուծեն Ղարաբաղի հարցը: Պարզուեց՝  Ադրբեջանը սխալ էր, մենք ճիշդ էինք», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան:

Ան նաեւ տեղեկացրեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում նախատեսուած չէ. կան քննարկումներ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement