Ըստ Վարչապետին Հայաստանի Մէջ Ընկերային Եւ Տնտեսական Անկման Կանխատեսումները Պիտի Չիրականանան

By Asbarez | Wednesday, 16 September 2020

 

0917Angoum

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովին մէջ, կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին,  պատասխանելով  «Լուսաւոր Հայաստան»էն Արկադի Խաչատրեանի հարցումին՝ ըսաւ, թէ «Քորոնա» ժահրը ստեղծած է ընկերային եւ տնտեսական բարդութիւններ, բայց չեն իրականացած եւ պիտի չիրականանան այն կանխատեսումները, թէ Հայաստանի մէջ պիտի արձանագրուի ընկերային կամ տնտեսական անկում:

«Մի վիճակագրութիւն յստակ կայ, որ որեւէ կասկած չկայ, որ կորոնավիրուսը բերել է սոցիալական եւ տնտեսական բարդութիւններ, դժուարութիւններ, բայց որ նաեւ չեն իրականացել եւ չեն իրականանալու կանխատեսումները, թէ Հայաստանում լինելու է սոցիալական կամ տնտեսական կոլապս, դա ակնյայտ է: Իրավիճակը կառավարելի է», յայտնեց Փաշինեան:

Ան նշեց, որ կայ դրամագլուխի ծախսերուն վերաբերող աւանդական հարց, իսկ կառավարութիւնը ջանքեր ի գործ կը դնէ, որ աշխատանքները աւելի աշխուժօրէն ընթանան: Գործադիրը, ըստ Փաշինեանի, աշնան պիտի իրականացնէ նոր նախագիծեր, որոնք պիտի խթանեն շինարարութիւնը եւ տնտեսութեան միւս ճիւղերը:

Փաշինեան նկատել տուաւ, որ այս տարի մեծաթիւ անձեր գիւղատնտեսութեամբ զբաղած են: «Մենք մի շարք բուսական ապրանքների մասով ունեցել ենք արտահանման էական աճ, մանր եղջերաւոր անասունների արտահանման աճ, աշխատատեղերի աճ: Եւ մոնիտորինգի (հսկողութեան-Խմբ.) հարցը մեր օրակարգի կարեւորագոյն հարցերից է: Պէտք է կողմնորոշուենք, թէ ինչ կարգի գործողութիւններ անենք, որ խթանենք տնտեսական ակտիւութիւնն (աշխուժութիւնը-Խմբ.) աշնանային շրջանում, որ կարողանանք մեր սոցիալական (ընկերային-Խմբ.), տնտեսական իրավիճակը կառավարելի պահել», ըսաւ Փաշինեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement