Հայ Ժողովուրդը Պաշտպանում Է Նաեւ Միջազգային Անվտանգութիւնը. Փաշինեան

By Asbarez | Thursday, 01 October 2020

1002Varchabed

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ քանի մը օր առաջ սկսած ատրպէյճանական յարձակումները պարզապէս Ղարաբաղի հարց չեն, այլ անոնք այլեւս դարձան միջազգային անվտանգութեան հարց, եւ հայ ժողովուրդը նաեւ կը պաշտպանէ միջազգային անվտանգութիւնը:

«Ինչո՞ւ է Թուրքիան 100 տարի անց վերադարձել Հարաւային Կովկաս. շարունակելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բայց ցեղասպան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Թուրքիայի համար միայն հայատեացութիւնը իրացնելու միջոց չէ, այլեւ պրագմատիկ (գործնական-Խմբ.) խնդիր: Հայաստանն ու Հարաւային Կովկասի հայութիւնը վերջին խոչընդոտն են թուրքական էքսպանսիան (ծաւալապաշտութեան-Խմբ.) դէպի հիւսիս, դէպի հարաւ-արեւելք եւ դէպի արեւելք շարունակելու եւ կայսերական երազանքը կեանքի կոչելու համար: Սա արդէն պարզապէս Ղարաբաղի հարց չէ, սա միայն հայ ժողովրդի անվտանգութեան հարց չէ: Սա այլեւս միջազգային անվտանգութեան հարց է, եւ հայ ժողովուրդը պաշտպանում է նաեւ միջազգային անվտանգութիւնը՝ ստանձնելով, թերեւս, մի նորագոյն պատմական առաքելութիւն», նշեց Հայաստանի վարչապետը:

comments