Արցախի ԱԱԾ Տնօրէնը Մարտական Դիրքուն Մէջ Նորայր Միրզոյեանին Յանձնեց Զօրավար-Հազարապետի Ուսադիրները

By Asbarez | Wednesday, 04 November 2020

1104Norayr

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի 1 Նոյեմբեր 2020ի հրամանագիրով, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) փոխտնօրէն, գնդապետ Նորայր Բորիսի Միրզոյեանին շնորհուեցաւ զօրավար-հազարապետի զինուորական կոչում:

3 Նոյեմբերին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն, զօրավար-տեղակալ Կամօ Աղաջանեան այցելեց մարտական դիրքեր եւ, ԱԱԾի ծառայողներուն ներկայութեան, Նորայր Միրզոյեանին յանձնեց զօրավար-հազարապետի ուսադիրները։

ԱԱԾի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորայր Միրզոյեանին եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ծառայողներուն` անձնուէր ծառայութեան եւ նուիրումին համար ու շեշտեց, որ այս կարեւորագոյն ժամանակաշրջանին ԱԱԾն մեծ դերակատարութիւն ունի եւ պատերազմի առաջին օրերէն, ըլլալով մարտական գործողութիւններու առաջին գիծին վրայ, պատիւով կը կատարէ իրենց առջեւ դրուած մարտական առաջադրանքները:

comments