Մէկ Ամսուան Մէջ Թուրքիա Ատրպէյճանին 101 Միլիոն Տոլարի Ռազմական Արտադրանք Ծախած Է

By Asbarez | Wednesday, 04 November 2020

photo_2020-10-28_14-39-34-1024x769

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- Այս տարուան Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Թուրքիա Ատրպէյճան արտածած է 101.2 միլիոն տոլար արժող ռազմական արտադրութիւններ, ինչ որ այս տարուան ընթացքին Ատրպէյճան արտածածուած առաւելագոյն ծաւալն է: Նախորդ ամիս այդ գումարը 77 միլիոն տոլար էր, իսկ Օգոստոսին՝ 36 միլիոն:

Հոկտեմբերի արտածումներուն մասին զեկոյցը հրապարակուած է Թուրքիոյ արտածողներու խորհուրդի պաշտօնական կայքին վրայ:

Յիշեցնենք, որ 28 Հոկտեմբերին տեղեկութիւններ տարածուեցան, որ Ատրպէյճան կ՛օգտագործէ  նաեւ թրքական Kargu տեսակի մահասփիւռ անօդախու թռչող սարքեր՝ առնուազն 28 միաւոր եւ հաւանական է, որ անոնք մաս կազմած են Հոկտեմբերին Պաքուի կողմէ գնուած ռազմական արտադրութիւններուն:

comments