By Asbarez | Friday, 06 November 2020
ՇՈՒՇԻ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 5 Նոյեմբերին այցելեց Շուշի, հանդիպում ունեցաւ քաղաքի պաշտպաններուն հետ եւ տեղւոյն վրայ քննարկեց թշնամիին բազմաքանակ ուժերուն դէմ պայքարի ռազմավարութիւնը:
«Պրոֆեսիոնալ զինուորականների եւ կամաւորականների համատեղ ջանքերով ստեղծուած պաշտպանական ամրութիւնները եւ տղաների վճռականութիւնը յոյս են ներշնչում, որ բերդաքաղաքն անառիկ պահելու համար գործադրւում են բոլոր հնարաւոր ջանքերը: Շուշին իր հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներով ու աւանդոյթներով, մեր ամենամեծ ժառանգութիւններից է, որ ստացել ենք պապերից եւ նոյն հայկական ոգով պէտք է փոխանցենք մեր սերունդներին», նշեց Յարութիւնեան:
«Ֆէսպուք»ի իր էջին վրայ ան հրապարակեց Շուշի կատարած իր այցելութեան լուսանկարները՝ ըսելով. «Յատուկ շնորհակալութիւն եմ յայտնում «Արցախի հերոս», հայ ժողովրդի նուիրեալ զաւակ, գեներալ-գնդապետ Սէյրան Օհանեանին»:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին