Ռուսիա Եւ Թուրքիա Ստորագրեցին Դիտորդական Կեդրոնին Մասին Համաձայնագիրը

By Asbarez | Thursday, 03 December 2020

1202rus trk

ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»․- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ  ստորագրուած է Արցախի զինադադարը հսկելու նպատակով միացեալ հսկողութեան կեդրոն ստեղծելու հարցով Ռուսիոյ հետ համաձայնագիրը, առանց մանրամասնութիւններ հրապարակելու անոր մասին:

Կը նշուի, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի անոր գործադրութեան համար։

Թրքական զինուած ուժերէն մասնագէտներ նաեւ սկսած են աջակցիլ Պաքուի բռնագրաւած Արցախի շրջանները ականազերծելու աշխատանքին։

comments