Վազգէն Մանուկեան Քաղաքագէտներու, Ռազմական Եւ Լրատուական Ոլորտի Ներկայացուցիչներուն Հետ Քննարկեց Ներքաղաքական Ճգնաժամը

By Aztag Daily | Tuesday, 08 December 2020

Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան 7 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ մէկ տասնեակէ աւելի քաղաքագէտներու, ռազմական եւ լրատուական մարզի ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը:

Անկեղծ զրոյց ծաւալեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութենէն մինչեւ ընկերային-տնտեսական ծանր իրավիճակին, ներքաղաքական ճգնաժամին, հասարակական լարուածութեան, ընկերային ցանցերուն մէջ անվերահսկելի տեղեկատուական եւ քարոզչական գրոհներու կամ, այլ ձեւակերպումով, ֆէյքային պատերազմներու շուրջ:

Հանդիպման մասնակիցները զիրենք յուզող հարցերը ներկայացուցին Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածուին, լսեցին անոր տեսակէտներն ու պատկերացումները ծանրագոյն այս ժամանակաշրջանին ստեղծուած խնդիրները յաղթահարելու կարելիութիւններուն, մեր պետութեան ապագային վերաբերեալ, նաեւ առաջարկեցին նոր գաղափարներ ու լուծումներ:

Վազգէն Մանուկեանի հետ այս ձեւաչափով հանդիպումները շարունակական պիտի ըլլան:

comments

Advertisement