ՀՅԴ Եւ «Ժառանգութիւն» Խմբակցութիւնները Ընտրական Օրինագիծերու Փաթեթ Տարածեցին

By Asbarez | Thursday, 12 January 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՅԴ եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւններու խորհրդարանական խմբակցութիւնները Յունուար 12ին միացեալ օրէնսդրական նախաձեռնութեան դրութեամբ տարածած են «Ընտրական օրէնսգիրք»ին, «Ազգային ժողովի կանոնակարգ»ին, «Սահմանադրական դատարանի մասին» շարք մը օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերող օրինագիծերու թղթածրար:

Նշեալ կուսակցութիւններու լրատուական ծառայութիւններուն համաձայն,  այդպիսով կ՛առաջարկուի Հայաստանի Ազգային ժողովի ներկայ խառն ընտրակարգէն անցնիլ 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգին: Նշենք, որ 27 Դեկտեմբեր 2011ին եղած առաջարկը պաշտպանած եւ ողջունած են Հայ Ազգային Կոնգրեսը, «Ազատ դեմոկրատներ»ը, «Շրջադարձ»ը եւ Ժողովրդական, ՀՌԱԿ, ԱԺԿ, ՀԱՍԿ, ՄԱԿ, ՀԴԿ կուսակցութիւնները, քաղաքական ու քաղաքացիական բազմաթիւ խումբեր եւ մտաւորականներ։

comments