Քլինթըն ՀՀ Նախագահին Տեղեկացուց Հանդիպման Մանրամասնութիւնները

By Armen Press | Monday, 14 December 2009

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Հիլըրի Քլինթընին նախաձեռնութեամբ՝ Դեկտեմբեր 10ի երեկոյեան տեղի ունեցած է հեռաձայնային զրոյց մը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Քլինթընի միջեւ։

Վերջինս նախագահ Սարգսեանին տեղեկացուցած է ԱՄՆ նախագահ Պ. Օպամայի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռ. Էրտողանի՝ Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպման մանրամասներուն մասին: Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Նախարար Քլինթըն շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ իր հետեւողական աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու առանց նախապայմաններու եւ շուտափոյթ կարգաւորման ուղղութեամբ:

Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս վերահաստատած է գործընթացին հետ կապուած հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ յարգելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները։

Կողմերը նաեւ քննարկած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր: Քլինթըն վերահաստատած է իր երկրի աջակցութիւնը ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ եւ երկարաժամկէտ կարգաւորման վերաբերեալ, միաժամանակ շեշտելով, որ ամերիկեան վարչակազմը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հանգուցալուծումն ու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն կարգաւորումը կը դիտէ որպէս իրարմէ անջատ գործընթացներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին ուղղութեամբ առաջընթացը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:

comments

Advertisement