Ատրպէյճան 1․3 Միլիառ Տոլար Պիտի Յատկացնէ Արցախի Վերակառուցման Համար

By Asbarez | Wednesday, 23 December 2020

1222azerbaijan

ՊԱՔՈՒ, «Թուրան»․- Ատրպէյճան մտադիր է 2․2 միլիառ մանաթ (1․3 միլիառ տոլար) յատկացնել Արցախի մէջ Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու վերակառուցման համար: Ըստ Ատրպէյճանի խորհրդարանին ներկայացուած 2021 թուականի պետական ամավարկի օրինագիծին՝ «Քաղաքները եւ գիւղերը վերականգնելու, այդ տարածքներուն մէջ ժամանակակից ենթակառոյցներ ստեղծելու (ելեկտրականութիւն, կազ, ջուր, հաղորդակցութիւն, ճամբաներ, կրթութիւն, առողջապահութիւն, մշակոյթ, բնակարանային ու պետական ծառայութեան եւ այլ անհրաժեշտ ենթակառոյցներու եւ մշակութային ու պատմական յուշարձաններու վերականգնում, բնակելի շէնքերու կառուցում եւ այլն) համար կը նախատեսուի յատկացնել 2․2 միլիառ մանաթ»:

comments