Առաւել Քան 60-70 Օրերու Բացակայութենէ Ետք Արցախէն Գտնուեցան 6 Զինուորներ Եւ Երկու Քաղաքացիներ

By Asbarez | Wednesday, 23 December 2020

1222Back

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ առաւել քան 70 օրեր անյայտութեան մէջ հերոսաբար մաքառած 6 զինուորներ հայրենիք վերադարձան եւ ներկայիս կը գտնուին բժշկական հսկողութեան տակ։ Արսէն Այվազեան, Դաւիթ Սահակեան, Նիկոլա Ստեփանեան, Արթուր Յարութիւնեան, Արման Արմաղանեան եւ Ռուսլան Թումանեան, թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ իրականացուող որոնողական աշխատանքներուն շնորհիւ, Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան, Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրակազմին եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին ջանքերով վերամիացան իրենց ընտանիքներուն։

Անոնք փոխադրուեցան հիւանդանոց, ուր անոնց այցելեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։

1222back2

Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինի սպայ Յունան Թադեւոսեան յայտնեց, որ տակաւին ոչինչ կարելի է ըսել տղոց առողջական վիճակին մասին։ «Տղաները ներկայում բժիշկների հսկողութեան տակ են, առաջիկայ օրերին դեռ կը մնան բուժհաստատութիւնում, սակայն արդէն հարազատներին, ընտանիքներին թոյլ է տրուել գալ եւ տեսնել իրենց զինուորներին: Այս պահին կարող եմ ասել, որ նրանց կեանքին սպառնացող վտանգ չկայ, պարզապէս տղաները շատ թոյլ են ու հիւծուած: Ամէն դէպքում, առաջիկայ օրերին եւս անհրաժեշտ բուժզննում կ՚անցնեն: Ամէն ինչ արւում է, որ շուտ կազդուրուեն», նշեց ան։

Որոնողական-փրկարարական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ յայտնաբերուեցան նաեւ 2 քաղաքացիներ` հայր եւ որդի Միքայէլ եւ Գեղամ Պետրոսեաններ, որոնք ռուս խաղաղապահներուն եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին ընկերակցութեամբ տեղափոխուեցան Ստեփանակերտ:  61 օրերէ ի վեր անհետ կորսուած քաղաքացիները եւս փոխադրուեցան հիւանդանոց՝ համապատասխան քննութիւններու համար։

1222kdnvatz

 

1222kdnvatz1

comments