«Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»ին Ղեկավարները Մասնակցեցան Տարեվերջի Սուրբ Պատարագին

By Asbarez | Tuesday, 29 December 2020

1229Badarak

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ամուր կանգնենք եկեղեցու կողքին» կարգախօսով 27 Դեկտեմբերին բազմաթիւ քաղաքացիներ այցելեցին Մայր տաճար եւ Սուրբ Գայեանէ եկեղեցի` իրենց աջակցութիւնը յայտնելու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ:

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի ղեկավարները նոյնպէս մասնակցեցան Սուրբ Գայեանէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած տարեվերջի Ս. պատարագին` անգամ մը եւս ակնածանք ու զօրակցութիւն յայտնելով Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ, աղօթելով հայոց աշխարհի անսասանութեան եւ հերոս նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

comments