By Asbarez | Tuesday, 29 December 2020
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ խումբ մը թուրք զինուորներ շաբաթավերջին մեկնեցան Ատրպէյճան: Ըստ կայանին տուեալներուն՝ Ատրպէյճան ուղարկուած են 25 զինուորներ, սակայն յառաջիկայ օրերուն անոնց թիւը պիտի հասնի 60ի:
Ռուսական «Կազեթա» կայքը իր կարգին կը տեղեկացնէ, որ թուրք զինուորները Յունուարէն սկսեալ պիտի ծառայեն Արցախի զինադադարի հսկողութեան կեդրոնին մէջ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտնեց, որ կեդրոնը պիտի տեղակայուի Ատրպէյճանի տարածքին մէջ եւ ռուսական ու թրքական անձնակազմի թիւը կեդրոնի կազմակերպչական կառուցուածքին մէջ հաւասար պիտի ըլլայ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ Երեւանի եւ Պաքուի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու պահպանումը օգնած է Արցախի հարցին մէջ խաղաղ համաձայնութեան հասնելուն:
comments
Կան Կասկածներ, Որ Ատրպէյճանցիները Զոհուածներուն Մէկ Մասը Թաղած Են
Կարմիր Խաչը Այցելեց Գերութեան Մէջ Գտնուող Մարալ Նաճարեանին
Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մեկնաբանութիւնը Հայ Դատի Յայտարարութեան
Արթնացիր, Ժողովուրդ, Համարձակուիր Երկրի Ապագան Վերցնել Քո Ձեռքը. Վազգէն Մանուկեան
Եւս 5 Գերիներ Վերադարձան Հայաստան
Արցախ Մտնելու Համար Երեւանէն Պէտք Է Վիզա Առնել
Փաշինեան Չէ Ուզած Արտահերթ Ընտրութիւններ Իրականացնել. Իշխան Սաղաթէլեան
Վիտալի Բալասանեան Հերքեց Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Կազմալուծման Լուրերը
Նիկոլ Փաշինեանի Նպատակն Էր Պատերազմի Պատրանքով Յանձնել Շուշին. Իշխան Սաղաթէլեան